Թէոդորոս Ռշտունի. Ծերենց

Թէոդորոս Ռշտունի - Ծերենց


Скачать книгу
եւ յաղթութեամբք, երկարամեայ թագաւորութեամբ, եւ ինքզինք արդար կը սիրէր անուանել եւ որ մահուան անկողնին մէջ իր ժառանգին բարի խրատներ կ'ուտար. «Արդարադատ եղիր, սանձահարէ անիրաւները, մխիթարէ թշուառները, սիրէ երիտասարդները, պաշտպանէ գիտութիւնը, հետեւէ ծերոց խորհուրդներուն, մի՛ թողուր կառավարութիւնը երիտասարղաց եւ քու ժողովրդոցդ երջանկութիւնը քու նպատակդ լինի: Ընդարձակ թագաւորութիւն մը կը թողում քեզ, եթէ իմ խրատներս լսես` կը պահես զայն, եթէ արհամարհես` կը կորսնցնես»: Այս խօսքերը զրուցելեն վերջ, եօթանասուն տարի նաեւ չի քշեց, իւր յաջորդներէն եւ ոչ մէկը իր բնական մահուամբ չի մեռաւ, եւ այդ թագաւորութիւնր, որ Միջերկրականէ մինչեւ Հնդկաստան, Չինաց սահմաններէն մինչեւ Արաբիայ ամէնքը կը սարսեցնէր քանի մը տարի առաջ, յանկարծ անհետացաւ կատաղի աղանդաւորաց հրոսակներու առջեւ, որոնք ոչ անուն եւ ոչ կրօնք ունէին նոյնպէս քանի մը տարի առաջ:

      Այսչափ երկայն չէինք խոսէր այս երկու մեծ ինքնակալութեանց վրայ, եթէ Արշակունեաց թագաւորութեան ժամանակեն սկսեալ Հայաստան սոցայ երկուքին հպատակ, հարկատու եւ պատերազմի դաշտ եղած չլինէր անընդհատ:

      Հայոց ազգը երեքի կը բաժնուէր իրօք` որոց երկուքը ամէն բան էին, իսկ երրորդը նշանակութիւն չունէր: Եկեղեցական մարմինը, որուն գլուխը կաթողիկոսն էր, եւ զօր նախարարներն եւ եպիսկոպոսները կ'ընտրէին. ոմներ իւր արտօնութիւնները, վասնզի ինքն էր օրէնքները շինող: Իրեն հետ կ'ուգար Նախարարական մարմինը եւ Ազատաց խումբը, որ երկրին տէրերն էին: Հրամայել, իշխել, պատերազմել էր իրենց գործը: Նախնի սովորութիւնները եւ արտօնութիւնքը կը պահպանուէին դարձեալ իրենց համար, քաջութիւնը ժառանգական էր այդ ընտանեաց մէջ, իրենցկարգը եւ գահոյքը յարգուած էին նաեւ յունաց ինքնակալներէ եւ Սասանեանց թագաւորներէ, յարկ կ'առնէին եկեղեցականաց պէս եւ չէին վճարէր, մարմնաւոր պատիժ գանահարութիւն չի կար իրենց համար, ինչպէս վանքեր, նոյնպէս իրենց ոստանները, ամրոցները, բերդերը, դղեակները ամուր դիրքերու վրայ եւ պարսպապատ շինուած բաւական ապահովեալ էին թշնամեաց եւ ասպատակաց յարձակմունքներէն: Կրօնասէր սովորաբար` իրենց պալատներէն աւելի վանքերու եւ եկեղեցիներու շինութեանց եւ կալուածոց կ'ուտային իրենց գանձերը: Պարսկական եւ յունական սովորութիւնք, զեխութիւնք եւ անառակութիւնք բնականաբար դիւրաւ մուտ կը գտնէին իրենց մէջ: Ինչպէս բնական է ազնուատոհմութեանց ամէն տեղ արհամարհ աչօք նայիլ հասարակ ժողովրդեան վրայ եւ հարստահարել, նոյնը սովորաբար կ'ընէին հայոց նախարարք եւ ազատք: Վասնզի այդ երրորդ մասը` ժողովուրդը, որուն մէկ իրաւունքը չյիշուիր մէկ տեղ մը, չի կար հաստատութիւն մը, որուն վրայ ինք յենուէր, չի կար կազմակերպեալ օրէնք մը, որ զինք պաշտպանէր. եթէ լիսեր եւս` ե՞րբ օրէնքը առանց զօրութեան կրցեր է մէկուն պաշտպանութիւն լինիլ. օրէնքներն ուժ ունենալու համար միշտ կազմակերպեալ մարմնոյ մը պէտք ունէին, եւ օրէնքներն արդար գործադրութեամբ միայն կրնան ժողովրդոց սիրելի լինել եւ իրենց սրտին մէջ տպաւորուիլ` սովորութիւն դառնալ: Հայաստանի օրէնսգիրքը բացի հոգեւոր գրեանքէ ուրիշ օրինաց տեղեկութիւն չունէին. Յուստինիանոսի օրէնքները գրեթէ վեց հարիւր տարի վերջ հայերէն թարգմատնութիւն ունեցան. ի՞նչ ուրեմն կը կառավարէր այս ժողովուրդը – սովորութիւնք եւ խղճմտանք: Վաղարշակայ օրէնքները իւր արքունեաց պերճութեան եւ


Скачать книгу